2017-05-30 09:38:00

Մարեմեան ամսուայ եզրափակում` Վատիկանի Պարտէզներուն մէջ։


(Ռատիօ Վատիկան) Չորեքշաբթի  31 Մայիս 2017-ին, կ՛եզրափակուի Աստուածամօր ջերմեռանդութեան նուիրուած ամիսը։ Արդարեւ ամբողջ մայիս ամսուայ ընթացքին աշխարհի բոլոր եկեղեցիներուն եւ ժողովրդապետութիւններուն մէջ ջերմեռանդական յատուկ արարողութիւններ կը կազմակերպուին, յատկապէս Սուրբ Վարդարանի աղօթքով ու Աստուածամօր նուիրուած Լիթանիայի երգեցողութիւններով, մեծարելու համար Աստուածամայրը` Յիսուսին ու մեր Մայրը։

Տարիներու ընթացքին աւանդութիւն դարձած է Մարեմեան ամսուայ եզրափակումը կատարել Վատիկանի պարտէզներուն մէջ։ Արդարեւ չորեքշաբթի 31 մայիսի երեկոյեան ժամը 8-ին, Վատիկանի պարտէզներուն մէջ նախատեսուած է Սուրբ Վարդարանի աղօթք, որ սկիզբ կ՛առնէ Սուրբ Ստեփանոսի Եկեղեցիէն եւ վարուած ջահերով, թափօրով կ՛ուղղուի մինչեւ Վատիկանի Պարտէզներու` Լուրտի Քարայրը։

Վերոնշեալ արարողութեան կարող են ընդհանրապէս մասնակցիլ միայն Վատիկանի աշխատակիցներն ու անոնց ընտանեկան պարագաները։








All the contents on this site are copyrighted ©.